image

«Մենք ձեր կողքին ենք» Չինաստանի հայկական համայնքի տեսաուղերձը

«Մենք ձեր կողքին ենք» Չինաստանի հայկական  համայնքի տեսաուղերձը

Հոնկ Քոնկի եւ Չինաստանի հայ համայնքը յուզիչ տեսանիւթ հրապարակած է՝ ուղղուած «քորոնա» ժահրի կանխարգելման դէմ Չինաստանի պայքարին:

Տեսանիւթին մէջ իրենց խրախուսական խօսքը փոխանցած են Չինաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ ապրող հայեր։ Անոնք իրենց խօսքերով փորձած են քաջալերել չինացի ժողովրդուն եւ իշխանութիւններուն, որոնք ձեռնարկած են աննախադէպ քայլեր համաճարակը դադրեցնելու համար:

Տեսանիւթը, որ պատրաստուած է Հայաստանի մէջ, նաեւ կը ներկայացնէ Երեւանի Քոնֆուցիուսի հիմնարկէն ներս չինարէն սորվող հայ ուսանողները:

Չինաստանի եւ Հոնկ Քոնկի հայ համայնքի նախագահ Հենրի Արսլանեանի խօսքերով՝ «այս քայլով մենք կ'ուզենք մեր չինացի ընկերներուն յիշեցնել, որ հայ ազգը մշտապէս պիտի աջակցի եւ պիտի ըլլայ չինացիներու կողքին՝ յատկապէս այս դժուարին շրջանին»:

«Հայերը Չինաստանի հետ» խորագրով տեսահոլովակը արդէն հասանելի է YouTube-ի վրայ եւ պիտի ցուցադրուի չինական եւ արեւմտեան լրատուամիջոցներով՝ #ArmeniansWithChina եւ #WeAreChina հեջթեկներով: