Լիբանանեան «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան առաջնորդ երեսփոխան Սամի Ժըմայէլ երկրորդ զաւակով մը բախտաւորուեցաւ։
Ժըմայէլ այս մասին գրառում մը կատարեց «Դվիթըր»ի իր էջին վրայ մասնաւորապէս գրելով ՝ «Մենք երեք էինք եւ այսօր չորս դարձած։ Մեր դուստրը՝ Ժոյսը փոքրիկ քոյրիկ մ՚ունեցաւ, իսկ կինս ՝ Գարենը լաւ ու առողջ է»։
Յիշեցնենք, որ Ժըմայէլ որդին է Լիբանանի նախկին նախագահներէն ՝Շէյխ Ամին Ժըմայէլի, իսկ իր առաջնորդած կուսակցութիւնը կը համարուի կեդրոնամէտ աջակողմեան կուսակցութիւն մը, որ մասնակցութիւն բերած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին իր նպատակը համարելով պայքարիլ Լիբանանի մէջ պաղեստինցիներու բնակեցման գաղափարներուն եւ փորձերուն։