image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի ընտրութիւններուն՝ վեց հայ թեկնածուներ

Իրանի ընտրութիւններուն՝ վեց հայ թեկնածուներ

Իրանի մէջ 21 փետրուարին կը կայանան 11-րդ գումարման Մեճլիսի ընտրութիւնները: Իրանի Մեճլիսն ունի 290 անդամ, որմէ 5-ը կը ներկայացնեն կրօնական փոքրամասնութիւնները: Ինչպէս «Արմենբրես»–ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Իրանի խորհրդարանի գործող պատգամաւոր Կարէն Խանլարեանը, խորհրդարանին մէջ յայտնուելու մրցակցութիւնը բաւական մեծ է, մօտաւոր հաշուարկներով իւրաքանչիւր տեղի համար կը պայքարի 50 թեկնածու: Քաղաքական ուժերէն բացի, կը պայքարին նաեւ անհատ գործիչներ:

Հայ համայնքին խորհրդարանին մէջ յատկացուած է երկու տեղ: Կարէն Խանլարեանը նշած է, որ մէկ տեղը հարաւային, միւսը՝ հիւսիսային իրանահայութեան համար է:
«Հիւսիսային հատուածին մէջ մէկ տեղի համար կը պայքարի 4 հայ թեկնածու՝ Արա Շահվերտեանը, Ալպերթ Պօղոսեանը, Արիս Շահպազեանը, Սեւան Սոհրային: Հարաւային հատուածին մէջ մէկ տեղի համար կը պայքարին Ռոպերթ Բեգլարեանն ու Էմին Հովսէփը»,-ըսած է Կարէն Խանլարեանը:

Այս ընթացքին հայ թեկնածուները հանդիպած են ընտրողներու հետ, ներկայացուցած իրենց ծրագրերը: Շեշտադրումները հետեւեալն են՝ համայնքային կառոյցներու պահպանում, իրաւունքներու պաշտպանութիւն, համայնքային խնդիրներու լուծում, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում եւ այլն:

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցողներու թիւը 58 միլիոն է։