Օրերս Պէյրութի մէջ վիրահատական գործողութիւն մը անցուցած է լիբանանահայ թատրոնի ոսկեայ օրերու յայտնի անուններէն Օննիկ Գանթարճեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գանթարճեանի հարազատներէն։
Մեր ունեցած տուեալներով, գործողութիւնը անցած է յաջող եւ Օննիկ Գանթարճեան ներկայիս կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը։
«Արեւելք» ամբողջական ապաքինում կը մաղթէ լիբանանահայ կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղն ունեցած արուեստագէտ բեմադրիչին: