image

Վերաօծուեցաւ Աշտարակի Սուրբ Մարիանէ եկեղեցին

Վերաօծուեցաւ Աշտարակի Սուրբ Մարիանէ եկեղեցին

22 Փետրուարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Աշտարակ քաղաքի Ս․ Մարիանէ եկեղեցւոյ վերաօծման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Եկեղեցւոյ արեւմտեան հատուածի շինարարութիւնը սկսուած էր 1905 թուականէն, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով մինչ օրս անաւարտ մնացած էր։

«Արմսուիսպանք»-ի կառավարչի տեղակալ, Արագածոտնի թեմի ատենապետ տիար Գրիգոր Մովսիսեանի եւ իր ընտանիքի ազնիւ բարերարութեամբ 2019 թուականէն մեկնարկած էին վերականգնման աշխատանքները։

Ս․ Մարիանէ եկեղեցւոյ առջեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը դիմաւորեցին Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռօշեանը, Արագածոտնի մարզպետ Դաւիթ Գէորգեանը, Աշտարակի քաղաքապետ Թովմաս Շահուերդեանը, եկեղեցւոյ բարերարը եւ բազում ուխտաւոր հայորդիներ:

Աղ ու հացի աւանդական արարողութենէն ետք, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ, Նորին Սրբութիւնը, իր հայրապետական օրհնութիւնը բաշխելով ներկաներուն, եկեղեցականաց թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր սկսաւ եկեղեցւոյ արեւմտեան հատուածի եւ Ս. Սեղանի օծման կարգը:

Շարականներու եւ սաղմոսներու երգեցողութենէն, աղօթքներու ընթերցումէն ետք խորան բարձրացուեցաւ Սրբալոյս Միւռոնը, որով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կատարեց եկեղեցւոյ Ս. Սեղանի օծումը, իսկ Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանը, Արարատի մարզի հոգեւոր տեսուչ Գերաշնորհ Տ. Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը, Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռօշեանը եւ Մայր Աթոռի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանն օծեցին խորանի սիւները, մկրտութեան աւազանը եւ եկեղեցւոյ մնացեալ սիւները:

Այնուհետեւ Հայոց Հովուապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մովսիսեան ամուսինները եւ ներկաները:

Ապա Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եկեղեցւոյ վերաօծման առիթով իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին:

Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ այս տաճարի հնաբոյր քարերը պիտի նուիրագործեն դարեր շարունակ այստեղ սպասաւորած եկեղեցականներու սրտաբուխ աղօթքներով, հոգեպարար քարոզներով, ծունկի իջած ուխտաւոր բազմութեան համբոյրներու ջերմութեամբ:

«Այսօր եկեղեցին ներկայանում է մեզ ամէնքիս նորովի` բարեզարդուած գաւիթով եւ նրանում կառուցուած Սուրբ Խորանով: Այս սրբազան խորանի վրայ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի եւ Սուրբ Հաղորդութիւն բաշխուի հաւատացեալ Մեր զաւակներին՝  Տիրոջով կեանք ունենալու եւ առաւել եւս ունենալու: «Խորան սրբութէան կանգնեցաւ Սուրբ Եկեղեցի, եւ Քրիստոս ի սմա պատարագէալ»,- օրհնաբանում է շարականագիրը։ Հոգեւոր կեանքի շինութեան ու պայծառութեան համար հաւատացեալներիդ համախմբումն այս սուրբ եկեղեցում եւ ընդհանրական աղօթքն առատացնելու են աստուածային օրհնութիւններն ու պարգեւները ձեր կեանքում, ամրապնդելու են ձեր միաբանութիւնը, հոգեւոր միասնութեան եւ եղբայրասիրութեան ոգին։

Սիրելիներ, Մենք քաջ գիտենք հաւատաւոր աշտարակցիներիդ աստուածսիրութեան ու եկեղեցանուիրումի մասին։ Այդ ոգին ձեզ է փոխանցուել բարեպաշտ ձեր հայրերից։ Աշտարակի տարածաշրջանում մեր պատմական ու հնամենի եկեղեցիների առկայութիւնը վառ վկայութիւնն է դարերի ընթացքում այստեղ սուրբ խորանների առջեւ Քրիստոսին աղօթող մեր ժողովրդի զաւակների հաւատքի զօրութեան մասին: Առ Աստուած ապաւինութեամբ եւ հաւատաւոր այսպիսի ընթացքով մեր Քրիստոսասէր նախնիները մնացել են հոգով քաջարի ու յաղթանակներ կերտել՝ անաղարտ պահելով մեր հայրերի սրբազան հաւատքը, հոգեւոր ու ազգային մեր ժառանգութիւնը, մեր սուրբ աւանդոյթներն ու սովորոյթները:

Յիրաւի, այն ժողովուրդը, որ որդեգրւում է Աստծուն եւ դառնում Աստծոյ ժողովուրդ, ապրում որպէս զաւակը Երկնաւոր Հօր, արժանանում է տէրունական շնորհների, կորով ու զօրութիւն ստանում՝ յաղթահարելու ժամանակների փորձութիւնները։ Համաժողովրդական մեր պայքարների ու հերոսամարտերի, մշակոյթի ու դպրութեան զարգացման եւ ազգային առաջընթացի գործում նաեւ Աշտարակ պատմական այս քաղաքից սերուած հայորդիներն են մեծ ներդրում բերել, որոնց հաւաքական պատկերը կարելի է տեսնել մեր խրոխտ ու քաջարի Ներսէս Աշտարակեցի երանաշնորհ Հայրապետի, գրականութեան ու մշակոյթի երախտարժան գործիչներ Սմբատ Շահազիզի, Պերճ Պռօշեանի վառ կերպարների մէջ», - ըսած է Գարեգին Երկրորդ Վեհափառ Հայրապետը` յորդորելով, որ այս օրհնեալ եկեղեցւոյ կամարների ներքոյ մշտահունչ պահեն աղօթքը եւ վերանորոգեն իրենց հոգիներու տաճարը, իրենց զաւակները սնեն ու դաստիարակեն աստուածսիրութեան, եկեղեցանուիրումի եւ հայրենասիրութեան զգացումներով ու գիտակցութեամբ։

Նորին Սրբութիւնն իր Հայրապետական օրհնութիւնն ու գնահատանքը բերաւ թեմակալ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանին եւ թեմի հոգեւոր դասին՝ նախանձախնդիր եւ նուիրեալ ծառայութեան եւ տէրունապարգեւ հոգեփրկչական առաքելութեան արդիւնաւորման համար:

Ուրախալի այս առիթով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եկեղեցւոյ բարերար Գրիգոր Մովսիսեանին շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձր շքանշան` Մովսիսեան ընտանիքին փոխանցելով իր սէրն ու բարձր գնահատանքը եկեղեցւոյ արեւմտեան հատուածի կառուցման աստուածահաճոյ ձեռնարկումի իրականացման եւ բազում այն բարեգործութիւններուն համար, որ իրագործուած են յանուն Հայաստանի եւ Արցախի  հայորդեաց հոգեւոր-եկեղեցական կեանքի զօրացման ու բարօրութեան, Ս. Էջմիածնի եւ Արագածոտնի թեմի պայծառութեան:

Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններուն ու բարեջան վարչականներուն Արագածոտնի թեմի առաքելութեանը զօրակցելու եւ աջակցելու համար։

Վերջում Գարեգին Երկրորդ Կաթողիկոսն աղօթք վերառաքեց առ Աստուած` հայցելով Երկնաւորից, որ մշտապէս շէն ու կանգուն պահի Ս. Մարիանէ եկեղեցին, առատացնէ Տիրոջ երկնառաք պարգեւներն ու օրհնութիւնները Աշտարակ քաղաքի բնակիչներու կեանքին մէջ եւ խաղաղութիւն ու բարգաւաճում շնորհէ Հայոց աշխարհին:

Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւն վերաօծուած եկեղեցիին ընծայեց Ս. Ծննդեան սրբապատկեր, որմէ ետք մատուցուեցաւ անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ` ձեռամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) հոգեւոր տեսուչ եւ կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Թովմայ վարդապետ Խաչատրեանի ։

Այնուհետեւ տօնական օրուայ կապակցութեամբ եկեղեցւոյ առջեւ տեղի ունեցաւ ժողովրդական տօնախմբութիւն, որուն ընթացքին ազգային երգ ու պարով հանդէս եկան Աշտարակի «Կիւլամերեան» Հայորդեաց տան եւ «Ոսկեւազի» մշակութային տան պարային ու երաժշտական խումբերը։

Եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութեան ներկայ էին Մայր Աթոռի միաբաններ, թեմակալ առաջնորդներ, Թալինի, Ապարանի քաղաքապետները, մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ: