image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի աշակերտները համակարգիչ ունենալու խնդիր ունին. Նախարար

Հայաստանի աշակերտները համակարգիչ ունենալու խնդիր ունին. Նախարար

30 Մարտին գումարուած արտահերթ նիստի ժամանակ ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն՝ նշելով, որ անոնց շնորհիւ այսօր արդիւնաւէտ կերպով կ'իրականացուի հեռավար կրթութիւնը` ապահովելով մեծ թիւով աշակերտներու ներգրաւուածութիւն:

« Ի հարկէ, կայ նաեւ խնդիր համացանց կապի եւ սարքերու հետ կապուած, բայց հիմա յընթացս մենք հանդէս կու գանք նախաձեռնութեամբ մը, որով կը հաւաքագրենք համակարգիչներ, խօսած ենք միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններու հետ»,- ըսած է նախարարը, վարչապետը անոր ընդհատեց եւ առաջարկեց նիստէն ետք դռնփակ քննարկել այդ հարցը եւ լուծում գտնել:

«Շատ ուրախ եմ, որ դրական են արձագանգները: Անցեալին հեռավար կրթութեան մասին կը խօսէինք հեռաւոր գիւղերուն մէջ կրթութիւնը հասանելի դարձնելու համար, եւ այս փորձը պիտի օգնէ յետագային նաեւ այդ նպատակին հասնելու գործին»,- յոյս յայտնած է վարչապետը:

Արայիկ Յարութիւնեանն ալ նշած է, որ արտակարգ դրութիւն յայտարարուելէն 1 օր ետք իրենք յայտարարած են, որ սա համազգային կարգաւորիչ ծրագիր է, որուն շնորհիւ նաեւ պիտի փորձեն բացերը վեր հանել, եւ այս պահուն շուրջ 24 000 աշակերտ ունի համակարգիչի խնդիր: