image

Հայաստանի մէջ սահմանափակումները դէպի խստացում

Հայաստանի մէջ սահմանափակումները դէպի խստացում

Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, արտակարգ դրութեան ռեժիմի պարէտ Տիգրան Աւինեանը նոր որոշում ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքին կիրառուող սահմանափակումներու վերաբերեալ։

Կառավարութեան պաշտօնական կայքին հրապարակուած որոշման մէջ նշուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքին կը սահմանափակուի մարդոց ազատ տեղաշարժելու իրաւունքը եւ կը սահմանուի անձանց պարտադիր ինքնամեկուսացում իրենց մշտական բնակութեան կամ իրենց նախընտրութեամբ մէկ այլ վայրի մէջ՝ այլ անձանց հետ անմիջական շփումը սահմանափակելու եւ վարակի տարածումը կանխելու նպատակով: Անձի կողմէ ընտրուած ինքնամեկուսացման վայրը չի կրնար փոխուիլ մինչեւ սոյն որոշմամբ սահմանուած ժամկէտի աւարտը։

Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու եւ մարզերու ու Երեւանի վարչական սահմաններու միջեւ կը սահմանափակուի բնակչութեան ազատ տեղաշարժը։

Յատուկ ռեժիմի իրականացումն ապահովելու նպատակով ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ՀՀ ոստիկանութեան կողմէ սահմանուած վայրերու մէջ մինչեւ 2020 թուականի 1 ապրիլը ժամը 14:00 պիտի տեղադրուին յատուկ անցակէտեր՝ անձանց ու փոխադրամիջոցներու շարժը վերահսկելու նպատակով:

Որոշումն ուժի մէջ պիտի մտնէ 2020 թուականի 1 ապրիլին՝ ժամը 00։01-ին եւ պիտի գործէ մինչեւ 2020 թուականի 12 ապրիլը, ժամը 23:59-ը:

Պարէտի որոշմանն առաւել մանրամասն կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ յղումով։