image

«Քորոնա»ի տագնապ. Եւրոպական Միութիւնը պիտի օգնէ Հայաստանին

«Քորոնա»ի տագնապ. Եւրոպական Միութիւնը  պիտի  օգնէ Հայաստանին

Եւրոպական Միութիւնը 51 միլիոն եւրօ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու նպատակով: Այդ մասին կը հաղորդէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակը:

«Անիկա կը ներառէ մասնաւորապէս` 18 միլիոն եւրօ նոր ֆոնտեր եւ ընթացիկ ֆոնտերէն 33 միլիոն եւրօ վերաբաշխում` բժշկական սարքերու մատակարարման, բժշկական եւ տարրալուծարաններու անձնակազմի համար դասընթացներու կազմակերպման, ՓՄՁ-ներուն եւ գործարար հանրութեան ցուցաբերուող աջակցութեան, ինչպէս նաեւ «քորոնա» ժահր վարակի բռնկման հետեւանքով տուժած անձերուն հասարակական եւ մարդասիրական օգնութեան տրամադրման նպատակով:

«Աւելին կը յատկացուի տարածաշրջանային կարեւոր դրամատնային գործիքներու եւ ծրագրերու յետագայ վերաբաշխման միջոցով»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ: