image

Օրեր առաջ հակառակորդի կրակոցով վիրաւորուած պատանիի վիճակը կը բարելաւուի

Օրեր առաջ հակառակորդի կրակոցով վիրաւորուած պատանիի վիճակը կը բարելաւուի

Ատրպէյճանական կողմէ կրակոցէն 30 մարտին կրծքավանդակի շրջանին վիրաւորում ստացած 16-ամեայ տղան վերակենդանացման բաժանմունքէն տեղափոխուած է հիւանդասենեակ։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է «Սուրբ Աստուածամայր» բկ-ի մամուլի խօսնակ Գէորգ Դերձեանը։

«Անոր առողջութեան վտանգ չի սպառնար։ Մի քանի օրէն դուրս պիտի գրուի հիւանդանոցէն։ Ինքզինք լաւ կը զգայ, գանգատներ չունի»,- ըսած է Դերձեանը:

Յիշեցնենք, որ 30 մարտին, Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի շրջանի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմը ներթափանցման փորձ կատարած է, հակառակորդը ետ շպրտուած է, սակայն միաժամանակ թիրախի տակ յայտնուած են Բաղանիս եւ Ոսկեւան գիւղերը. Վիրաւորուած է Ոսկեւան գիւղի բնակիչ երեխայ մը: