image
Հրատապ լուրեր:

Վրաստանի մէջ «Քորոնա»ի առաջին կորուստը արձանագրուեցաւ

Վրաստանի մէջ «Քորոնա»ի առաջին կորուստը արձանագրուեցաւ

Վրաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահուան առաջին դէպքնը գրանցուած է: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է Համալսարանային հիւանդանոցի տնօրէն Լեւան Ռատիանին, գրած է aliq.ge-ն։

Մահացածը 79 ամեայ կին է, որ հիւանդանոց տեղափոխուած էր 31 մարտին: Հիւանդի վիճակը ի սկզբանէ գնահատուած էր ծանր:

Այս պահի դրութեամբ Վրաստանի մէջ «Քորոնա» ժահր հաստատուած է 156 մարդու մօտ, որոնցմէ 28-ն արդէն բուժուած են: