image

Վաղը պիտի բացուին Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի դռները

Վաղը պիտի բացուին Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի դռները

Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի իրաւատէր երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը՝ Երուսաղէմի հայ եւ յոյն պատրիարքներն ու Սուրբ Երկրի Կուստոսը այսօր յայտարարութիւն ստորագրած են, ծանուցելով, որ վաղը՝ կիրակի, 24 մայիսին,  Սուրբ Յարութեան տաճարը պիտի բանայ իր դռները: 

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ համավարակի պատճառով յատուկ միջոցներ պիտի ձեռնարկուին. տաճարի մուտքին՝ այցելուներու ջերմութիւնը պիտի չափուի եւ ձեռքերը ախտահանուին, ինչպէս նաեւ պիտի չթոյլատրուի  միաժամանակ 50-էն աւելի այցելուի մուտքը տաճար: Անոնցմէ պիտի պահանջուի պահել ընկերային հեռաւորութիւն:

Յարութեան տաճարը հանդիսաւոր պայմաններու մէջ օծուած է Կոնստանդիանոս կայսրի ներկայութեամբ, 335 թուականի 13 սեպտեմբերին: Ի նշանաւորումն այդ կարեւոր իրադարձութեան` ուղղափառ եկեղեցիներուն մէջ Տաճարի օծման տօն նշուած է: Կը համարուի, որ եկեղեցին կառուցուած է այն նոյն տեղը, ուր, Աստուածաշունչի համաձայն, դրուած է Յիսուս Քրիստոսի մարմինը, ապա յարութիւն առած: