image

Լոս Անճելըս. Յանկարծամահ եղած է Մարտիկ Փափազեանը

Լոս Անճելըս. Յանկարծամահ  եղած է   Մարտիկ Փափազեանը

Երիտասարդ  հասակին Լոս Անճելըսի  մէջ   իր մահկանացուն կնքած է   արմատներով Պէյրութէն    Մարտիկ Փափազեանը։

«Արեւելք»  այս մասին  տեղեկութիւն  ստացաւ հանգուցեալի  մտերիմ  ընկերներէն։

Կը նշուի նաեւ, որ    30    տարեկան   Մարտիկ  մեծ  տաղանդ   ունէր եւ ճարտարօրէն կը նուագէր   կիթառի վրայ,  իսկ Պէյրութի  իր  մտերիմները կը վկայեն, որ հանգուցեալը    գեղանկարչութեան  հանդէպ հակումներ ունէր։