image

Իտալացի բժիշկի մը կարծիքով «Քորոնա»ն «կը թուլանայ»

Իտալացի բժիշկի մը կարծիքով «Քորոնա»ն «կը թուլանայ»

Իտալացի առաջատար բժիշկ, «Քորոնա» ժահրի փորձագէտ, Միլանի «Սան Րաֆֆաելէ» հիւանդանոցի ղեկավար Ալպերթօ Զանկրիլեոն յայտարարած է, որ ժահրը կը կորսնցնէ աշխոյժութիւնը: Ան պատմած է նոր վարակուածներէն վերցուած քսուքներու մասին: Քննութիւնը, որ կ'որոշէ կենսաբանական հեղուկին մէջ տուեալ ծաւալի մէջ ժահրի պատճէններու քանակը, կը կոչուի վիրուսային ծանրաբեռնուածութիւն: Որքան բարձր է ցուցանիշը, այնքան բարձր է վարակելիութիւնը, եւ հիւանդութեան ընթացքը աւելի ծանր է:

«Վերջին 10 օրուան ընթացքին վերցուած քսուքները ցոյց տուած են, որ վիրուսային ծանրաբեռնուածութիւնը զգալիօրէն նուազած է մէկ կամ երկու ամիս առաջուան արդիւնքի համեմատ»,- անոր խօսքերը կը մեջբերէ Reuters-ը:

Անոր հետ համաձայն է գործընկերը՝ Մաթեօ Պասեթին: Ան նաեւ հաստատած է՝ ժահրի ուժը զգալիօրէն նուազած է: Հետեւաբար, Իտալիան աւելի քիչ «ծանր» հիւանդներ եւ մահացութիւններ ունի նոր վարակէն: Գիտնականները կոչ կ'ընեն պահպանելու տարրական կանոնները. աւելի յաճախ լուալ ձեռքերը, դիմակներ կրել, հեռաւորութիւնը պահպանել, բայց, միեւնոյն ժամանակ, վստահ են, որ անհրաժեշտ է վերադառնալ բնականոն կեանքին:

Զանկրիլեոն կը կասկածի, որ համաճարակի երկրորդ ալիք պիտի ըլլայ եւ գործընկերները կը յորդորէ «շատ խուճապի չմատնուիլ»: