image

Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ն ախտորոշող շիճուկներու առաջին խմբաքանակը պատրաստ է

Հայաստանի մէջ  «Քորոնա»ն ախտորոշող շիճուկներու առաջին խմբաքանակը պատրաստ է

ՀՀ փոխվարչապետ, պարէտ Տիգրան Աւինեանը 1 յունիսին պարէտատան նիստէն ետք տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ կառավարութիւնը նախաձեռնած է Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրը ախտորոշող  շիճուկներու արտադրութիւն:

Ներկրուած 100 հազար հակազդակներու (ռեակենթ) հիման վրայ արդէն իսկ սկսած է ախտորոշող շիճուկներու արտադրութիւնը, նշած է Աւինեանը։ Անոր խօսքով՝ 2 յունիսին առաջին խմբաքանակը՝ 350 շիճուկ, պիտի յանձնուի Համաճարակներու կանխարգելման եւ վերահսկման ազգային կեդրոն, իսկ Մասնկային (Մոլեքիւլար) կենսաբանութեան հիմնարկը, ըստ գնահատականներու, կրնայ օրական 3 000-5 000 ախտորոշող շիճուկ արտադրել:

«Սա յետագային քննութեան քանակի աւելացման պարագային հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ բաւարարելու մեր իսկ պահանջարկը»,- ըսած է պարէտը։