Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը յայտարարած է, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին մասնագէտ բռնցքամարտիկ, «Երկաթեայ բռունցք» մակդիրով յայտնի Կարպիս Զաքարեանի պատուոյն բռնցքամարտի առաջնութիւն պիտի անուանակոչուի: Այս մասին կը տեղեկացնէ Gazete Duvar պարբերականը:
25 յունուար 2020-ին Կարօ Փայլան Թուրքիոյ մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարին տեղեկացուցած էր Զաքարեանի մահուան մասին եւ առաջարկ ներկայացուցած էր Զաքարեանի նուաճումներու ու թրքական մարզանքին մէջ ներդրման համար անոր պատուոյն որեւէ մարզական միջոցառում անվանակոչելու վերաբերեալ:
Թուրքիոյ մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մեհմեթ Մուհարեմ Քասափօղլուն պատասխանած է Փայլանի առաջարկին` տեղեկացնելով, որ որոշում կայացուած է Կարպիս Զաքարեանի անունով մրցաշար իրականացնել, իսկ մարզահամալիրի անուանակոչման հարցի քննարկումը դեռ ուժի մէջ է: