Պրազիլիոյ դաշնային շրջանային դատարանը չեղարկած է նախկին դատական կարգադրութիւնը, ըստ որու՝ նախագահ Ժաիր Պոլսոնարուն հանրային վայրերու մէջ պէտք է բժշկական դիմակ կրէ, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը՝ յղում տալով տեղական լրատուամիջոցներուն։
«Դաշնային շրջանի բնակիչներուն դիմակ դնել պարտաւորեցնող հրամանը արդէն կը գործէ, այդ պատճառով արդարադատութեան կողմէ նոր սահմանափակումներ պէտք չէ սահմանուիին»,- յայտարարած է դատաւորը։
Յիշեցնենք, որ մարտին Պոլսոնարուն յայտարարած էր, որ որեւէ «Քորոնա» չի կրնար կոտրել իրեն եւ ԱՀԿ համավարակի մասին յայտարարութիւններուն ի պատասխան՝ «Քորոնա» ժահրը «ոչ մեծ կրիփ» որակած էր։ Նշենք, որ համավարակի քանի մը ամիսներու ընթացքին Պրազիլի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի մեթոտներու շուրջ նախագահի հետ ունեցած տարաձայնութիւններու պատճառով պաշտօնէն հեռացուած է առողջապահութեան երկու նախարար։
Վերջին տեղեկութիւններով՝ Պրազիլի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 1 408 485 դէպք, որմէ 59 656-ը՝ մահուան ելքով։ Հիւանդութենէն ապաքինուած է 790 040 մարդ։