image

«Քորոնայի Տագնապ». Հանրային սնունդի ոլորտը կրած է մեծ վնասներ

«Քորոնայի Տագնապ». Հանրային սնունդի ոլորտը կրած է մեծ վնասներ

Հանրային սնունդի ոլորտին մէջ վնասները այս պահուն կը կազմեն մօտ 500 միլիոն տոլար եւ այս վնասներուն թիւը դեռ պիտի աճի:

Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է հանրային սնունդի ոլորտի փորձագէտ Աշոտ Բարսեղեանը` անդրադառնալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակի շրջանին ոլորտի կրած վնասներուն:

«Ամբողջ ոլորտը տապալած է միայն մէկ բանի պատճառով, որովհետեւ մենք Կառավարութենէն չենք լսեր յստակ օր, թէ երբ տնտեսութիւնը պիտի ազատականացուի եւ այդ պատճառով չեղարկուած են բոլոր միջոցառումները ընդհուպ մինչեւ սեզոնի աւարտը»,-ըսած է ան:

Անոր խօսքով` Հայաստանը չգնաց երկու ընդունուած ճանապարհներէն մէկով՝ «Քորոնա»ի դէմ պայքարի պարագային. «Մենք չի գացինք չոր լոքտաունի եւ ոչ ալ գացինք Պելառուսի կամ Շուէտի ճանապարհով: Ի սկզբանէ փակեցինք, այդ փակման ընթացքին պատասխանատուները, որ ինչ-որ գործողութիւններ պէտք է ընէին ենթադրաբար արտակարգ դրութեան եւ համաճարակի շրջանին՝ չեն կատարած, միաժամանակ մեր ոլորտը տանելով ամբողջական փակման: Մենք ի սկզբանէ յայտարարած էինք, որ հանրային սնունդի ոլորտը` բոլոր ճաշարաններն ու հիւրանոցները եւ զբօսաշրջական ընկերութիւնները պատրաստ են փակման, այն պայմանով, որ պետութիւնը իր վրայ կրէ որոշակի բեռ՝ նիւթական, որ կ'ենթադրէ արտակարգ դրութեան իրավիճակը, բայց որ բացուելէն ետք տնտեսութիւնը կազատականացուի եւ մենք կ'ունենանք գործող պիզնես եւ մենք ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ կը վերադառնանք մեր գործունէութեան: Սակայն եղաւ այն, ինչ եղաւ»:

Անոր կարծիքով` խնդիրը միայն եւ միայն առողջապահական է եւ միայն առողջապահութեան ոլորտը պէտք է պայքարի համաճարակի դէմ, սակայն մեր երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարը տապալած է եւ մենք ունինք անկառավարելի համաճարակ:

«Սա արհաւիրք չէ, պատերազմ չէ, սա ուղղակի առողջապահական արտակարգ դրութիւն է եւ մնացած ոլորտներուն մէջ եւ մասնաւորապէս տնտեսական ոլորտներուն մէջ պահել արտակարգ դրութիւնը ուղղակի հարուած կը հասցնէ տնտեսութեան: Եւ այստեղ թուաբանական հաշուարկ կը մնայ, մենք ինչ կ'ուզենք` կրենք անդառնալի տնտեսական վնաս, թէ ունենանք առողջապահական խնդիր եւ լուծենք այդ առողջապահական խնդիրը: Ես չեմ գտներ, որ ճիշդ է զոհաբերել տնտեսութիւնը առողջապահական խնդիրներուն, ես չեմ գտներ, որ խիստ քրանթինը ճիշդ ճանապարհ է, եւ կոչ կ'ընեմ վերացնելու արտակարգ դրութիւնը, ազատականացնելու տնտեսութիւնը եւ յուժկու զարկ տալու առողջապահական խնդիրներուն, արտակարգ դրութիւնը պէտք է յայտարարուի առողջապահական համակարգի մէջ, թող գումարներն ուղղարկեն առողջապահական ոլորտին»,-ըսած է ան: