image

Պոլիս. Յունաց Բարթողոմէոս Պատրիարքը սպառնալիքներու թիրախ

Պոլիս. Յունաց Բարթողոմէոս Պատրիարքը սպառնալիքներու թիրախ

«Էրմէնիհապէր»  կայքէն կը կարդանք, որ Թուրքիոյ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան քաղաքական թեւը հանդիսացող «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար՝ Իսմէթ Պիւյուքաթամանը անդրադարձած է Կ.Պոլսոյ Յունաց Տիեզերական պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Առաջինի՝ Սուրբ Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու վերաբերեալ քննադատութիւններուն։

Նշուած է, որ նախօրէին, ուղղափառ տիեզերական առաջնորդը նշած էր, որ Սուրբ Սոֆիա տաճարը պէտք է շարունակէ պահպանել թանգարանի կարգավիճակը։

Պիւյուքաթամանը Twitter-ին վրայ գրած է․

«Քանի որ (պատրիարքը) չէ կրցած ըսել, որ Սուրբ Սոֆիան եկեղեցիի վերածուի.  ըսած է, Այա Սոֆիան 900 տարի ծառայած է քրիստոնեաներուն եւ 500 տարի ալ իսլամներուն, ուստի, պէտք է պահպանէ թանգարանի կարգավիճակը։ Բարթողոմէոսը բացի պարզ թուաբանական սխալէն, նաեւ տրամաբանական մեծ սխալ ըրած է»։ 

Ազգայնական գործիչը պնդած է, որ Սուրբ Սոֆիա տաճարը Պոլսոյ գրաւումէն յետոյ թրքացած է  եւ Պոլսոյ թուրք-իսլամական կարեւոր կառոյցներէն կը համարուի։

Ան, այնուհետեւ, անդրադառնալով տաճարը մզկիթի վերածելու պարագային, աշխարհի միլիոնաւոր քրիստոնեաներու մօտ հակաիսլամական տրամադրութիւններ առաջանալու մասին պատրիարքի դիտարկումին, վիրաւորած է քրիստոնեաներու կրօնական արժէքները։

Պիւյուքաթամանը պնդած է, որ պատրիարքը իր տողատակային յայտարարություններով «չափը անցած է»։

Ան կոչ ուղղած է պատրիարքին, որ «իր մտահոգութիւնները յայտնէ աշխարհի, մասնաւորապէս Յունաստանի մէջ իսլամական կառոյցներու շուրջ, որոնք կ'ոչնչանան»։