image
Հրատապ լուրեր:

Վերջերս ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած 105 տարեկան պոլսահայ Նուրան Եոզէֆովիչ կնքեց իր մահկանացուն

Վերջերս ՀՀ  քաղաքացիութիւն ստացած 105 տարեկան պոլսահայ Նուրան Եոզէֆովիչ կնքեց իր մահկանացուն

Երեւանի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է ամիսներ առաջ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած պոլսահայ Նուրան  Եոզէֆովիչը։

Այս  մասին գրառում մը կատարած է պոլսահայ  լրագրող  Ռաֆֆի Հերմոն  Արաքսը, որ մասնաւորապէս գրած է. «106 տարեկան չհասած, վարչապետ Փաշինեանի ձեռամբ ՀՀ քաղաքացիութիւնը ստացած, երկար տարիներու  Իտալիոյ Անգարայի դեսպանատան դիւանագէտ, իմ մեծ մօրեղբայր ՆՈՒՐԱՆ ԵՈԶԵՖՈՎԻՉԸ կնքած է իր մահկանացուն, սթ-ի Յուլիսի 4-ին ժամը 18.45-ին Երեւանի մէջ»։