Եգիպտացի յայտնի դերասանուհի Ռաժաա Ալ Ժատաուի այս առաւօտ կնքեց իր մահկանացուն։
Ինչպէս նախօրօք «Արեւելք» յայտնած էր, Ժատաուի շուրջ 1.5 ամիս առաջ վարակուած էր «Քորոնա»ով եւ բաւական վատթարացած վիճակի մէջ ըլլալով փոխադրուած էր հիւանդանոց։
Յիշեցնենք, որ 1938 թուականի ծնունդ Ժատաուի կը համարուէր եգիպտական շարժապատկերի անուանի անուններէն մին
Ան նկարահանուած է տասնեակ ֆիլմերու մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն բերած եգիպտական առաջնակարգ ֆիլմաշարերու մէջ
Եգիպտոսի արուեստագէտներու եւ դերասաններու սենտիքան, այս առաւօտ գուժեց Ժատաուի մահը նշելով, որ եգիպտական եւ առհասարակ արաբական շարժապատկերը կորսնցուց իր լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մին։