image

«Քորոնա»ի Տագնապ. Հայաստանէն վատ ցուցանիշներ

«Քորոնա»ի Տագնապ. Հայաստանէն վատ ցուցանիշներ

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով երէկ վարակման 29285 դէպք գրանցուած էր: Երկրին մէջ մէկ միլիոն մարդու հաշուով գրանցուած է 9882 դէպք: Ըստ այդ ցուցանիշի՝ Հայաստանը 9-րդ տեղը կը զբաղցնէ աշխարհի մէջ՝ առաջ անցնելով այնպիսի երկիրներէ, ինչպիսիք են ԱՄՆ-ը, Իտալիան, Սպանիան եւ այլն։

Աշխարհի մէջ առաջին երեք տեղերը մէկ միլիոն մարդու հաշուով վարակման դէպքերու թիւով Քաթարն է, Սան Մարինոն եւ Պահրեյնը․ մէկ միլիոն մարդու հաշուով այս երկիրներուն մէջ գրանցուած է համապատասխանաբար 35 952, 20 571 եւ 17 525 դէպք:

Ըստ https://www.worldometers.info/coronavirus/-ի՝ ԱՄՆ, ուր գրանցուած է վարակուածներու առաւել բացարձակ թիւը (3 041 129), մէկ միլիոն մարդու հաշուով վարակման դէպքերու թիւով 13-րդն է աշխարհի մէջ (9187):

Պրազիլիոյ մէջ գրանցուած է վարակման 1 626 071 դէպք, որ վարակման 7649 դէպք կը կազմէ մէկ միլիոն մարդու հաշուով: Ըստ առաջին ցուցանիշի՝ Պրազիլը աշխարհի մէջ 2-րդ տեղն է, երկրորդ ցուցանիշով՝ 16-րդը:

Ինչ կը վերաբերի «Քորոնա» ժահրային վարակէն մահացութեան դէպքերուն, ապա Հայաստանի մէջ գրանցուած է մահուան 503 դէպք․ սա 170 միլիոն մահուան դէպք է՝ մէկ միլիոն մարդու հաշուով: Այս ցուցանիշով Հայաստանը այժմ 25-րդ տեղը կը զբաղցնէ աշխարհի մէջ: