image

Անվտանգ երկիր. Հայաստանը գրաւած է ցուցակ 12-րդ դիրքը

Անվտանգ երկիր. Հայաստանը գրաւած է ցուցակ 12-րդ դիրքը

Համաշխարհային Numbeo խոշորագոյն տուալներու շտեմարանը, որ կը ձեւաւորուի զբօսաշրջիկներէն եւ երկիրներու բնակիչներէն ստացուող տեղեկութեան հիման վրայ, հրապարակած է 2020 թուականի իր Յանցաւորութեան վարկանշային զելոյցը  (ինտեքս)՝ ըստ երկիրներու:

Զեկոյցին համաձայն, Վրաստանը այդ վարկանշային ցանկին մէջ յայտնուած է 130-րդ հորիզոնականին՝ որպէս ամենաանվտանգ երկիրներէն մէկը աշխարհի եւ ամենաանվտանգը Եւրոպայի մէջ: 

Հայաստանը ցանկին մէջ յայտնուած է 122-րդ հորիզոնականին՝ դառնալով 12-րդ անվտանգ երկիրը շարքին մէջ: Յանցաւորութեան ցուցանիշը մեր երկրին մէջ գնահատուած է 22,69 միաւորով, իսկ անվտանգութեան ցուցանիշը՝ 77,31:

Յանցաւորութենէն ազատ երկիրներու ցանկին մէջ առաջատար եռեակը կը կազմեն Քաթարը, Թայուանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:

Մեր երկրին կը նախորդեն նաեւ Օմանը, Հոնկ քոնկը, Սլովենիան, Մեն Կղզին, Զուիցերիան, Ճափոնը, Ռուանտան: Այդպիսով, Հայաստանը կը դառնայ 5-րդ ամենաանվտանգ երկիրը Եւրոպայի մէջ:

Հարեւան երկիրներէն Ատրպէյճանը յայտնուած է 98-րդ հորիզոնականին, Թուրքիան՝ 83-րդ, Իրանը` 46-րդ, իսկ Ռուսաստանը ցանկին մէջ 79-րդն է:

Յանցաւորութեան առումով ամենավտանգաւոր երկիրներն են Վենեզուելան, Փափուա Նոր Կուինեան, Հարաւային Ափրիկէն, Աֆղանստանը, Հոնտուրասը, Թրինիտատ եւ Թոպակոն, Պրազիլը, Կայանան, Սալվատորը, Սուրիան:

Numbeo-ի հետազօտութիւնը կը կատարուի տարին երկու անգամ: