image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր Մոսկուա-Երեւան յատուկ թռիչք պիտի իրականացուի

Այսօր Մոսկուա-Երեւան յատուկ թռիչք պիտի իրականացուի

ՌԴ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն կը տեղեկացնեն, որ 9 յուլիսին (ժամը՝ 12։40-ին) «S7» ընկերութիւնը «Տոմոտետովօ» օդակայանէն պիտի իրականացնէ Մոսկուա-Երեւան յատուկ չուերթը:

Աղբիւրը կը յայտնում է, որ տոմսերը ազատ վաճառքի սկզբունքով կարելի է ձեռք բերել առցանց տարբերակով www.S7.ru կայքէն կամ ընկերութեան օդակայանի տոմսարկղէն (երրորդ մուտքի հարեւանութեամբ)։

Օդանաւային ընկերութեան փոխանցմամբ, տոմսի արժէքը՝ սկսած 8 հազ․ ռուբլիէն: Չուերթի հետ կապուած բոլոր հարցերով անհրաժեշտ է դիմել ընկերութեան։