image
Հրատապ լուրեր:

Թուրք յայտնի դերասանուհին ամուսնացած է հայու հետ. Լուսանկարներ

Թուրք յայտնի դերասանուհին ամուսնացած է հայու հետ. Լուսանկարներ

Թուրք յայտնի դերասանուհի, «Կիւմիւշ» հեռուստաշարի աստղ Սոնկիւլ Եոտէնն ամուսնացած է Թուրքիա ծնած եւ այնտեղ բնակող հայու՝ Արման Պճաքչեանի (Արման Պճաքչի) հետ: Թրքական մամուլը, ներկայացնելով լուրը,նշած է, որ երջանիկ զոյգը չորս տարի ընկերութիւն ընելէ ետք ամուսնացած է՝ կազմելով գեղեցիկ ընտանիք: 

Արման Պճաքչին գործատէր է, ան կ'աշխատի աշխարհահռչակ հայ ոսկերիչ Սեւան Պճաքչիի հետ, որուն զարմիկն է: Փեսացուի հայրը Պոլսոյ հայ հոգեւորականներէն է՝  Տ. Զաւէն քահանայ Պչաքճեանը: 

Պսակադրութեան արարողութիւնը եղած է շատ համեստ՝ Պեշիկթաշի քաղաքապետարանի ամուսնութիւններու գրանցման բաժնին մէջ: 

Սոնկիւլ Եոտէնը 41 տարեկան է, թրքական եւ արաբական հեռուստակայաններով 2005-էն 2007-ը ցուցադրուած «Կիւմիւշ» հեռուստաշարէն ետք անոր անուանած են «Արեւելեան երազներու թագուհի»: Ան արմատներով զազա է: