image

Հայաստանի Ոստան գիւղին մէջ արտադրուած ապրանքները կը հասնին Քուէյթ եւ Եւրոպա

Հայաստանի Ոստան գիւղին մէջ արտադրուած ապրանքները կը հասնին Քուէյթ եւ Եւրոպա

Օրերս Արարատի մարզպետ Գարիկ Սարգսեանն այցելած է մարզի Ոստան համայնքին մէջ գործող «Anitex» եւ «ABC Textile» ընկերութիւններ, ծանօթացած աշխատանքին եւ ուրախութեամբ յայտնած, որ Ոստանի մէջ արտադրուած ապրանքը կը հասնի Ռուսաստան, Քուէյթ եւ Եւրոպա: 

«ABC Textile» ընկերութիւնը, որ կ'արտադրէ սրբիչներ, հիմնադրած են Նազարեան ընտանիքը, Մուսալլի ընտանիքը եւ «Տաշիր Կրուփ»-ը, իսկ «Anitex»-ը, որ կ'արտադրէ հիւրանոցային եւ տնային հիւսուածք, հիմնադրած են «Տաշիր Կրուփ»-ը եւ Նազարեան ընտանիքը: 

 


 

 

 

Ընկերութիւնները հիւսուածքի արտադրութեան հիմնական գործունէութիւնը սկսած են 2020 թուականի սկիզբէն: Երկու ընկերութիւնները այս պահի դրութեամբ կատարած են 13.5 միլիոն տոլարի ներդրում:

Անոնց արտադրանքը կը սպառուի ոչ միայն ներքին շուկային մէջ, այլեւ կարճ ժամանակի մէջ հասցուցած են նաեւ արտահանում իրականացնել դէպի ՌԴ եւ Քուէյթ: Կը նախատեսուի արտահանել նաեւ դէպի Եւրոպա եւ ԱՄՆ:

«Այս պահին ընկերութիւններուն մէջ կ'աշխատի 150 աշխատող, սակայն կը նախատեսուի, որ առաջիկային՝ արտադրանքի ծաւալներու մեծացումէն ետք, աշխատատեղերու թիւը զգալի չափով պիտի աւելնայ:

Քանի որ ընկերութեան մէջ աշխատողները հիմնական երիտասարդներ են, այդ տարածքին մէջ կը նախատեսեն կառուցել մանկապարտէզ անոնց երեխաներուն համար»,- տեղեկացուցած է մարզպետը: