image
Հրատապ լուրեր:

Շանթ Յակոբեանի եւ Ալիս Պալեանի անունները միացան Պէյրութի պայթումին հետեւանքով նահատակուած հայորդիներու ցուցակին

Շանթ  Յակոբեանի  եւ Ալիս Պալեանի անունները  միացան  Պէյրութի  պայթումին հետեւանքով   նահատակուած   հայորդիներու  ցուցակին

Պէյրութի նաւահանգիստներէն մէկուն մէջ 4 օգոստոսին տեղի ունեցած աղիտալի պայթումին զոհ գացած են հարիւրաւոր լիբանանցիներ, որոնցմէ 11-ը, ինչպէս յայտնած ենք, հայեր են: Անոնցմէ 2-ին ինքնութիւնը «Արեւելք»ը  պարզած է այսօր՝ Շանթ Յակոբեան եւ Ալիս Պալեան: 

Աւելի վաղ տեղեկացուցած էինք Նազար Նաճարեանի, Ճեսիքա Պէզճեանի, Տելիա Փափազեանի, Ժագ Բարամագեանի, Անահիտ Պէրպէրեանի, Լիզա Գաւուքճեան-Կոզուպէօուքեանի, Վարուժան Թոսունեանի, Գայա Ֆոտուլեանի, Սարգիս Թէքիրեանի մահուան մասին:

Անոնց անուններուն աւելցած են Շանթ Յակոբեանի եւ Ալիս Պալեանի անունները: 


Շանթ Հակոբյան

 

Ալիս Բալյան