Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար, ներկայիս՝ ընդդիմադիր «Ապագայ» կուսակցութեան հիմնադիր-առաջնորդ Ահմեթ Տաւութօղլուն Տիարպէքիրի մէջ, ուր կը մասնակցէր կուսակցութեան նահանգային ժողովին, մամլոյ ասուլիսով հանդէս եկած է:
Տաւութօղլուի կարծիքով, ներկայիս իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը «գերի ինկած է» 90-ական թուականներու քաղաքական դերակատարներուն։
Տաւութօղլուն խօսած է նաեւ տեղային ժողովրդավարութեան առումով գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն մասին, մասնաւորապէս կապուած տեղային ինքնակառավարման հետ, որոնք տեւական ժամանակ առկայ են յատկապէս քրտաբնակ շրջաններուն մէջ։