image
Հրատապ լուրեր:

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ

16 Օգոստոսին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց Տիրամօր` Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը: Բերկրառատ օրուայ առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սուրբ Տրդատի բաց խորանին մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ: Պատարագիչն էր Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը:

Սրբազան արարողութեանը ներկայ էին Արմաւիրի մարզպետ Համբարձում Մաթեւոսեանը եւ Էջմիածնի քաղաքապետ Տիանայ Գասպարեանը:

Պատարագիչ Սրբազանը, ներկայացնելով տօնի խորհուրդը, ընդգծեց, որ  դեռատի օրիորդ Մարիամն իր կամքը հնազանդեցուց Տիրոջ յորդորին, եւ երբ ժամանակը եկաւ, դարձաւ Աստուածամայր, լոյս աշխարհ բերաւ մարդկութեան Փրկիչին` կրելով բոլոր դժուարութիւնները, եւ եօթ վէրքերը չսպիացած, ապրեցաւ մեր փրկութեան համար իր զաւակի խաչ բարձրանալու առաքելութեան գիտակցումով:

«Մարդկային կեանքը գեղեցկանում եւ իմաստ է ստանում յիշողութիւններով` բարի, արժանավայել կեանքի եւ գործերի մասին վերապրումով: Աստուածապարգեւ կեանքը երկրային բարիքների վայելքը չէ միայն, այլ դրանք ստեղծելու եւ բացառապէս ի բարիս գործածելու կարողութիւնն ու կամքը: Աստծու առաջ ամէնքս, բոլորս հաւասար ենք, սակայն տարբեր է մեր առաքելութիւնը` ուսուցանել, քարոզել, ստեղծել, կռուել, բժշկել, ղեկավարել, որից չպէտք է շեղուենք` գայթակղուելով փառասիրութեամբ, հպարտութեամբ, արծաթսիրութեամբ: Մաքո՛ւր պահենք մեր սրտերը եւ մեր աղօթքները, խնդրանքներն ու հայցուածները Նրան ուղղելիս չփորձենք «զմտաւ ածել», որ առաւելութեան դոյզն ինչ հնարաւորութիւն ունենք: Խոնարհենք մեր հայեացքը` մտքի աչքերն առ Աստուած ուղղելով: Հնազանդեցնենք մեր կամքը, բարին, օգտակարը, ճշմարիտը կատարելու եւ լաւը դառնալու հաստատուն համոզումով»,- ասաց Մուշեղ եպիսկոպոսը` հաստատելով, որ զօրութիւններու Տէրը, Արարիչն ամենայն շնչաւորներու ու անշունչներու, խաղաղ սրտի իղձերուն կեանք պիտի պարգեւէ եւ իրականութիւն դարձնէ բոլոր աղօթքներն ու հայցուածները:

Սրբազան Հայրը խօսեցաւ նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ կատարուող Խաղողօրհնէքի նշանակութեան մասին` ի մասնաւորի ամրագրելով. «Մենք, քրիստոնեաներս, որպէս տարուայ բերքի խորհրդանիշ, օրհնելու նպատակով ընտրեցինք խաղողը, քանի որ մեր Տէրը, Յիսուս Քրիստոս խաղողի որթը պատուեց յայտարարելով, թէ «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը» (Յովհաննէս 15:1): Այդ որթատունկի պտղի` խաղողի հիւթն էր, որ Յիսուս օրհնեց «որպէս Նոր Ուխտի» Իր արիւն (Մատթէոս 26:28), որով մենք գնուեցինք ու ազատուեցինք մեղքերի ծառայութիւնից ու մահից եւ նոր կեանք ստացանք»:

Աւարտին Մուշեղ Սրբազանը յորդորեց ապրիլ Սուրբ Աստուածածնի բարեխօսութեամբ ու հայցուածով, շարունակել հաւատալ եւ յուսալ ու սիրել հայրենի երկիրն ու մէկս մէկու եւ խնդրել` «Փառաւորեալ եւ օրհնեալ միշտ Սուրբ Կոյս Աստուածածին Մարիամ` մայր Քրիստոսի, մատուցիր մեր աղաչանքները Քո Որդուն եւ մեր Աստծուն»:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Հայրապետի, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին կատարուեցաւ «Խաղողօրհնէքի» հանդիսաւոր կարգը:

Օրհնուած խաղողի ողկոյզները բաժանուեցան հաւատաւոր ժողովուրդին: