image
Հրատապ լուրեր:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց տիար Էտուարտօ Էռնեկեանը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց տիար Էտուարտօ Էռնեկեանը

15 Սեպտեմբերին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Վեհարանին մէջ հիւրընկալեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերար, Հայաստանի ազգային հերոս Էտուարտօ Էռնեկեանը։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետն իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը բերաւ բարերարին՝ ազգային եւ հայրենական կեանքին մէջ ազնիւ յանձնառութիւններու ու անոր հոգածութեամբ իրագործուող մեծածաւալ ծրագրերու, ինչպէս նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան շարունակաբար սատարելու համար։

Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ տիար Էռնեկեանի բարերարութեամբ Մայր Աթոռի մէջ իրականացուող ծրագրերուն եւ նախանշուող նոր ձեռնարկներուն։

Հանդիպման աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ տիար Էտուարտօ Էռնեկեանն այցելեցին Մայր Տաճար՝ ծանօթանալու ամրակայման ու հիմնանորոգութեան աշխատանքներու ընթացքին։

Ուսումնական տարուան մեկնարկին այցելութիւն կատարուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռի հովանու ներքոյ գործող «Էռնեկեան հանրակրթական դպրոց» հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւն։ Շրջելով 2009 թուականին ի յիշատակ բարերարի ծնողներուն` տէր եւ տիկին Փանոս եւ Սրբուհի Էռնեկեան ամոլի, հիմնադրուած դպրոցին մէջ՝ Նորին Սրբութիւնը եւ մեծանուն հայորդին այցելեցին տարբեր դասարաններ, զրուցեցին աշակերտներու հետ՝ մանուկներուն ու պատանիներուն բերելով բարեյաջող ուսումնառութեան իրենց մաղթանքները։