image

«Գրիգոր լուսաւորիչ» հիւանդանոցին մէջ թունաւորման 33 պարագաներ

«Գրիգոր լուսաւորիչ» հիւանդանոցին մէջ թունաւորման 33 պարագաներ

«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցին մէջ 19 սեպտեմբերի երեկոյեան նկատուած են սննդային թունաւորման դէպքեր:

«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցին մէջ թունաւորուածներու թիւը 33-ն է: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է հիւանդանոցի մամուլի խօսնակ Ծովինար Խաչատրեանը:

«Թունաւորուածներէն 25-ը բուժաշխատող են, 8-ը հիւանդ: Անոնց վիճակը այս պահին լաւ է», - ըսած է ան:

Ծովինար Խաչատրեանի խօսքով՝ բոլորը թունաւորուած են հիւանդանոցի տարածքին մէջ գործող «Արթ-Լանչ»-ի ճաշարանի սնունդէն: