image

Քաթալոնիա.Ընթացք առած են «ԱՅԲ» դպրոցի նոր ուսումնական տարեշրջանի ընդունելութիւնները

Քաթալոնիա.Ընթացք առած են  «ԱՅԲ»  դպրոցի   նոր  ուսումնական տարեշրջանի   ընդունելութիւնները

Քաթալոնիոյ «Արարատ» միութեան «ԱՅԲ Մեսրոպատառ դպրոց»ը յայտարարած է 2020-2021 ուսումնական տարուան ընդունելութեան մեկնարկի մասին:

Այս մասին   «Արեւելք»ին   տեղեկութիւն  հաղորդեցին Սպանիայէն, ըսելով, որ «ԱՅԲ» դպրոցի դասերը պիտի սկսին 4 հոկտեմբերին։

Արձանագրութեան համար «ԱՅԲ» դպրոց կրնան դիմել հայ երեխաներ՝ 5 տարեկանէն սկսած:
Ուսումնական ծրագրին մէջ ներառուած է հետեւեալ առարկաները.
1.Մայրենի լեզու
2.Գրականութիւն 
3.Պատմութիւն
4.Երգ-երաժշտութիւն 
Անձանագրութեան համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերն են.-
▪︎Աշակերտի անձը հաստատող փաստաթուղթի (NIE կամ անձնագիր) պատճէն
▪︎Աշակերտի 1 (3×4 չափի) լուսանկար
Դպրոցի հասցէն է՝ C.Enrique Granados número 9. Santa Coloma de Gramenet. 08921( Barcelona):
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար զանգել 688341160 հեռախօսահամարին։