image

Յետ մահու պարգեւատրում յուշարձանագէտ՝ Սամուէլ Կարապետեանին

Յետ մահու պարգեւատրում յուշարձանագէտ՝ Սամուէլ Կարապետեանին

 

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը ՀՀ պետական պարգեւներով պարգեւատրելու մասին հրամանագրեր ստորագրած է:

 

Հրամանագրին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին մասի.

Անկախութեան տօնի առթիւ, մշակոյթի զարգացման գործին մէջ ներդրած աւանդի համար պարգեւատրել յուշարձանագէտ Սամուէլ Գէորգի Կարապետեանը  (յետմահու) Մովսէս Խորենացիի մետալով»: