image

Դիլիջանի մէջ նոր եկեղեցի կը կառուցուի. Հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարած է Տ. Բագրատ Սրբազանը

Դիլիջանի մէջ նոր եկեղեցի կը կառուցուի. Հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարած է Տ. Բագրատ Սրբազանը

Երէկ տեղի ունեցած է Դիլիջանի նոր կառուցուող եկեղեցւոյ առաջին քարերու տեղադրման եւ օրհնութեան արարողութիւնը: «Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ «Մետիամաքս»էն:

Միջոցառման կը մասնակցէին Դիլիջան համայնքի բնակիչները: Արարողութիւնը կատարուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանի եւ Տէր Շաւարշ քահանայ Սիմոնեանի օրհնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ:

Եկեղեցւոյ կառուցման ծրագիրը կ'իրականացուի Դիլիջանի զարգացման հիմնադրամի եւ «ԱՆԻ» հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման նախաձեռնութեան կողմէ՝ Դիլիջանի քաղաքապետարանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ համագործակցութեամբ:  

Շուրջ 80 տարի է, որ Դիլիջանը չունի սեփական եկեղեցի եւ այսօր կրօնական ծառայութիւնները կ'իրականացուին Հին Դիլիջան հիւրանոցային համալիրին մէջ: Նոր եկեղեցւոյ կառուցման շնորհիւ հոգեւոր ծիսակատարութիւններուն Դիլիջանի մէջ կը կարողանայ մասնակցիլ միաժամանակ 300-է աւելի մարդ: Կը նախատեսուի ունենալ նաեւ կիրակնօրեայ դպրոց:

18 հոկտեմբերի 2019-ին տեղի ունեցած էր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը, իսկ այս տարի մեկնարկած են եկեղեցւոյ բուն շինարարական աշխատանքները. արդէն կառուցուած են եկեղեցւոյ հիմնասիւներն ու հիմնական հրապարակը: