image

Ծնած է Ապրիլեանի հերոս՝ Ադամ Սահակեանի եղբօր առջինեկը՝ Ադամ

Ծնած է Ապրիլեանի հերոս՝ Ադամ Սահակեանի եղբօր առջինեկը՝ Ադամ

Ծնած է Ապրիլեանի հերոս՝ Ադամ Սահակեանի եղբօր առջինեկը, որուն անուանակոչած են՝ Ադամ: Այս մասին կը տեղեկանանք Իրաւապաշտպան Ռուբէն Մելիքեանի ֆեյսպուքեան գրառումէն, ուր ըսուած է.

«Այսօր առաւօտեան պատահաբար հանդիպեցայ Ապրիլեանի հերոս Ադամ Սահակեանի հայրիկին։ Ճիշդն ըսած՝ կարծես սիրտս բան մը կը վկայէր ու հարց մը տուի, որ սովորաբար անյարմար կը զգամ տալ նոյնիսկ մօտ հարազատներուս։ Հարցուցի՝ Մուշէղենց մօտ նորութիւն կա՞յ: Ժպտաց ու ըսաւ՝ Ռուբէն ջան, երեւի այս երկու օրը ըլլայ:

Նոր ալ իմացայ, որ արդէն «լաւ լուրը» եղեր է՝ լոյս աշխարհ եկած է Ադամ Մուշէղի Սահակեանը՝ Ադամի եղբօր առաջնեկը։

Աստուծոյ աջը միշտ գլխուդ ըլլայ, Ադամ ջան!!! Հօրեղբօրդ լոյսը քեզի միշտ ուղեկից ու ապաւէն ըլլայ»: