image
Հրատապ լուրեր:

Պտղունք գիւղին մէջ մեծ հրդեհ. Հրկիզուած են 10 բնակարաններ. Տուժածներ չկան

Պտղունք գիւղին մէջ մեծ հրդեհ. Հրկիզուած են 10 բնակարաններ. Տուժածներ չկան

Պտղունք գիւղի տուներէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկած է: Այդ մասին ահազանգ ստացած է Արմաւիրի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոնը:

ՀՀ ԱԻՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցած են, որ հրդեհի բարդութեան պատճաով եղած են նաեւ  «Թիւ 2» եւ «Թիւ 3» կանչեր եւ պարզուած է, որ Յ. Շիրազի փողոցին մէջ այրած է 10 բնակարան, որմէ 2-ը՝ մասնակի։ Ընդհանուր տանիքէն այրած է մօտ 1300 քմ հատուած։ Տուժածներ չկան։

Հրշէջ-փրկարարներու կողմէ իրականացուած է նաեւ գոյքի տարհանում:

Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 20։13-ին, մարած՝ 23։57-ին։