image

Թուրքիա կը փորձէ զրկել Կարօ Փայլանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն

Թուրքիա կը փորձէ զրկել Կարօ Փայլանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն

Անգարայի գլխաւոր դատախազը յայտնած է, որ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» 7 պատգամաւորներ անձեռնմխելիութենէն զրկելու գործընթաց սկսած է, անոնք, որոնք Քոպանիի իրադարձութիւններու ժամանակ եղած են Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի անդամ։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Զարթօնք» թերթէն:

Յայտնի է, որ այդ ցուցակին մէջ ընդգրկուած են պատգամաւորներ՝ Կարօ Փայլանը,  Սարուհան Օլուչը, Մերալ Տանիշ Պեշթաշը, Հուտա Քայան, Սեզայ Թեմելլին եւ Սերփիլ Քեմալպայը։

Զանգուածային ձերբակալութիւններուն առաջինը արձագանգած է Արդիւնաբերութեան եւ գիտարուեստի նախարար՝ Մուսթաֆա Վարանքը, որ ըսած է, որ քրտամէտ կուսակցութեան դէմ հակաահաբեկչական գործողութիւն սկսած է, անոնք, որոնք Քոպանիի իրադարձութիւններու ժամանակ եղած են Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի անդամ։