image

Երեւանի մէջ մահացած է հալէպահայ Բիւզանդ Թիւթիւնճեան

Երեւանի մէջ մահացած է հալէպահայ Բիւզանդ Թիւթիւնճեան

 

Երեւանի մէջ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Բիւզանդ Թիւթիւնճեանը (1947-ի ծնունդ)։ «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 

Հալէպ ծնած Բիւզանդ Թիւթիւնճեան ամուսնացած էր, հայր էր երեք զաւակներու:

Երկար տարիներ Հալէպի մէջ ծառայած հայորդին տարբեր առիթներով ազգանուէր բարերարութիւններով հանդէս եկած է 

Հանգուցեալի հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, 19 հոկտեմբեր 2020-ին, ժամը 14:00-ին, Մալաթիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: 

«Արեւելք» այս առթիւ իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանիքին եւ հարազատներուն։