image

Պաշտպանութեան բանակը Իշխանաձորի մէջ ծանր մարտեր կը մղէ. Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ

Պաշտպանութեան բանակը Իշխանաձորի մէջ ծանր մարտեր կը մղէ. Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ

Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ծանր մարտեր կը մղեն հարաւային ուղղութեամբ` Իշխանաձորի հատուածին: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը:

«Պաշտպանութեան բանակը այդ հատուածին այսօր շատ ծանր մարտեր կը մղէ ատրպէյճանական զինուժի դէմ»,- ըսած է Պօղոսեանը:
 

Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակը նշած է, որ Արցախի հիւսիսային հատուածին մէջ հակառակորդը մէկ սանթիմեթր առաջ չէ կրցած շարժիլ, հակառակը Ատրպէյճանի ԶՈՒ-ին հասցուած է կենդանի ուժի եւ ռազմական սարքերու բաւականին մեծ կորուստներ:

«Իրականութեան մէջ մենք վճռական ժամանակահատուած կ'ապրինք, եւ իմ կոչն ու յորդորն է մեր ժողովուրդին` միասնաբար յաղթահարենք այս կարեւոր փորձութիւնը։ Այսօր մեզի առաջին հերթին պէտք է բոլորի մասնակցութիւնն ու պատասխանատւութեան զգացումը»,- եզրափակած է Պօղոսեանը: