image

Ֆրանսայի Վիէն քաղաքը ճանչցած է Արցախի Հանրապետութիւնը

Ֆրանսայի Վիէն քաղաքը ճանչցած է Արցախի Հանրապետութիւնը

Ֆրանսայի Վիէն քաղաքի համայնքային խորհուրդը 19 հոկտեմբերին միաձայն ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման բանաձեւը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Վիէնի` հայազգի փոխքաղաքապետ Լեւոն Սաքունցը։

«Պատերազմական իրավիճակը նկարագրելէ եւ 2014 թուականէն ի վեր Հատրութ-Վիէն կապը հաստատելէ ետք համայնքային խորհուրդը անգամ մը եւս կը յայտնէ իր աջակցութիւնը այս հակամարտութեան պատճառով տուժած խաղաղ բնակչութեան եւ կը դիմէ Ֆրանսայի կառավարութեան՝ ճանչնալու Արցախի  Հանրապետութիւնը:

Խորհուրդի ընթացքին ընդունուած է նաեւ յատկացնել 5000 եւրօ դրամական օգնութիւն պատերազմի հետեւանքով տարհանուած բնակչութեան համար»,- գրած է Սաքունց։