image

Իլհամ Ալիեւը փախա՞ծ է Թուրքիա. Волна Каспия

Իլհամ Ալիեւը փախա՞ծ է Թուրքիա.  Волна Каспия

Իլհամ Ալիեւը փախա՞ծ է Թուրքիա,-այս  խորագրով  լրատւութիւն մը կատարած է  ռուսատառ Волна Каспия  (Կասպից ծովու ալիք) կայքը։

Ատրպէյ՛ճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը արդէն քանի մը օր է՝ չի բնակիր իր երկրի տարածքին՝ գերադասելով գտնուիլ Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ գտնուող իր պալատներէն մէկուն մէջ՝ Պաքու յայտնուելով միայն ճեպազրոյցներու ու ուղերձներու ժամանակ, կը գրէ Волна Каспия-ն՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։

Ատրպէյճանի բռնապետի նման անսպասելի վարքագիծը կապուած է իր իշխանութեան եւ կեանքի համար մտավախութիւններուն հետ՝ ողջ երկրի տարածքով հակապատերազմական տրամադրութիւններու սրման պատճառով։ Այդ անհանգստութիւններուն պատճառ հանդիսացած են Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանական բանակի անյաջողութիւնները, հակառակ տարածաշրջանը արագ  «ազատագրելու» խոստումներուն, այս պահուն Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու մէկ մասը շրջափակման մէջ կը գտնուի Զանգելանի մէջ, իսկ միւս մասը սրընթաց կը նահանջէ դէպի արեւելք»,- գրած է թերթը՝ նշելով, որ երկրի իշխանութիւններն ամէն ինչ կ'ընէին բնակչութեան այս տեղկութիւններէն հեռու պահելու համար՝ արգելափակելով ընկերային կայքերն ու խոչընդոտելով լրագրողներու աշխատանքը։

«Ռազմաճակատէն միայն այնպիսի տեղեկութիւններ կը տրուէր, որոնք ձեռնտու էին Ալիեւին, սակայն սա երկար չէ տեւած․ Ղարաբաղէն վիրաւոր զինուորներ երբեմն վերադարձած են, յաճախ դասալիքները, որոնք մանրամասն կը պատմէին ե՛ւ ատրպէյճանական բանակի պարտութիւններու, ե՛ւ անոր շարքերուն մէջ ահռելի կորուստներու, ե՛ւ երկրի ղեկավարութեան ու զինուած ուժերու առջեւ դրուած մարտական խնդիրներու հասնելու անհնարինութեան մասին»,- գրած է թերթը՝ պարզաբանելով, որ որպէս հետեւանք ողջ երկրի տարածքին կը հասուննայ լայնածաւալ վրդովմունք, որոնք գլուխ կը բարձրանեն նախ Ատրպէյճանի տեղաբնիկ փոքրամասնութիւններու բնակման տարածաշրջաններուն մէջ, սակայն անկասկած պիտի հասնին նաեւ Պաքու։ Թերթը նշած է, որ Ալիեւի քաղաքական ու պատերազմական ռազմավարութենէն դժգոհութիւններ կը հասուննան նաեւ Ատրպէյճանի քաղաքական էլիթայի մօտ։

«Կանխազգալով ոչ այնքան բացայայտ, բայց միանգամայն իրական վտանգ իր իշխանութեան, ազատութեան եւ կեանքի համար՝ վերջինս որոշած է մեկնիլ բարեկամ Թուրքիա, ուր ունի բազմաթիւ անշարժ գոյք եւ ուրկէ ալ բարոյական ուղերձներ կը գրէ՝  ադրբեջանցի զինուորներուն եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդին քաջալերելու համար», գրած է թերթը՝ նշելով, որ  իւրաքանչիւր ատրպէյճանցի զինուորական, որ Ղարաբաղի մէջ մարտի կ'երթայ եւ կը մտածէ, թէ ինքը կը կռուի երկրի ու նախագահի համար, պէտք է հասկնայ, որ իր թիկունքին նախագահ չկայ հիմա, ան արտերկրի մէջ կը վայելէ տաք եղանակը, ծովն ու գեղեցիկ տեսարանները։