image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան արգելք դրաւ թրքական ապրանքներու ներմուծման վրայ

Հայաստան արգելք դրաւ թրքական ապրանքներու ներմուծման վրայ

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր 2020 թուականի 20 հոկտեմբերի թիւ 1708-Ն որոշմամբ ժամանակաւոր արգելք դրած է թրքական ծագում ունեցող վերջնական սպառման ապրանքներու ներմուծման վրայ: Արգելքը ուժի մէջ պիտի մտնէ 31 դեկտեմբեր 2020-էն: Այս մասին ըսած են ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն: 

«Թրքական ծագման ապրանքներու ներմուծման սահմանափակումը կ'ենթադրէ նախեւառաջ անվտանգային բաղադրիչ՝ հաշուի առնելով բազմիցս հաստատուած փաստերը, ըստ որոնց, Թուրքիան բացայայտօրէն կ'աջակցի ու կը սատարէ Ատրպէյճանի կողմէ՝ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմական եւ ահաբեկչական գործողութիւններուն: Թրքական ծագմամբ ապրանքներու ներմուծման արգելքով կը դադարեցուի հայաստանեան աղբիւրներէ Թուրքիոյ պետական գանձարանի նիւթական սնուցումը, միաժամանակ կը կանխարգիլուի նաեւ թշնամական տրամադրուած երկրէն վերջնական սպառման ապրանքներու ներմուծման միջոցով հնարաւոր վտանգներու ներթափանցումը Հայաստան»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: