image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսան ԼՂ-ի մէջ վիրաւորուածներուն բժշկական օգնութիւն պիտի ուղարկէ

Ֆրանսան ԼՂ-ի մէջ վիրաւորուածներուն բժշկական օգնութիւն պիտի ուղարկէ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն խոստացած է, որ իր երկիրը բժշկական օգնութիւն պիտի ուղարկէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վիրաւորուածներուն: Այս մասին DPA-ին յայտնած է Էլիզեան պալատին մօտ կանգնած աղբիւրը:

Մանրամասները յայտնի պիտի դառնան առաջիկայ օրերուն:

Նշուած է, որ մինչ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպումը Մաքրոնը հեռախօսազրոյցներ ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։