image

Ինչպէս ԱՄՆ դեսպանատան յայտարարութիւնը կապուեցաւ հայերու հետ, ատրպէյճանական պարզունակ կեղծարարութեան մասին (տեսանիւթ)

Ինչպէս ԱՄՆ դեսպանատան յայտարարութիւնը կապուեցաւ հայերու հետ, ատրպէյճանական պարզունակ կեղծարարութեան մասին (տեսանիւթ)

ՀՀ ՊՆ-ն կը ներկայացնէ տեսանիւթ՝ ատրպէյճանական պարզունակ կեղծարարութեան մասին: Տեսանիւթին մէջ կը խօսուի այն մասին, թէ ինչպէս ատրպէյճանական կողմը, խեղաթիւրելով ԱՄՆ-ի դեսպանատան յայտարարութիւնը՝ այն կ'օգտագործէ հայերու դէմ:

Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը յայտարարութիւն տարածած էր այն մասին, որ Պաքուի եւ Ատրպէյճանի այլ տարածքներու մէջ ամերիկեան քաղաքացիներուն եւ այլ օտարերկրացիներուն, իրենց հաւաստի տեղեկութիւններով, կը սպառնայ ահաբեկչութեան, առեւանգումներու վտանգ, ուստի կը յորդորէր իր քաղաքացիները՝ չկուտակուիլ խումբերով, զգուշութիւն ցուցաբերել այն վայրերուն մէջ, ուր սովորաբար կը հաւաքուին օտարերկրացիներ:

Այս յայտարարութեան մէջ թէպէտ բառ անգամ չկայ հայերու մասին, սակայան ատրպէյճանական կայքերու մէջ յայտարարութիւնը վերափոխուած է՝ ներկայացնելով որպէս ամերիկեան կողմի զգուշացում՝ հայերու կողմէ ահաբեկչութեան վտանգի մասին:

Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ.