image

«Պաքուն վտանգաւոր է» Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատուն

«Պաքուն վտանգաւոր է» Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատուն

Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատունը հաւաստի տեղեկութիւններ ստացած է Պաքուի ԱՄՆ-ի քաղաքացիներու եւ օտարերկրեայ քաղաքացիներու դէմ հնարաւոր ահաբեկչական յարձակումներու եւ առեւանգումներու մասին, անոնց կարգին՝  J. W. Marriott Absheron հիւրանոցներու, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ հաւանական այլ կառոյցներու  դէմ:

ԱՄՆ-ի քաղաքացիներուն խորհուրդ կը տրուի մեծ զգուշութիւն ցուցաբերել այն վայրերուն մէջ, ուր կրնան հաւաքուիլ ամերիկացիները կամ օտարերկրացիները։

«Եղէք զգոյշ եւ պահպանեցէք զգօնութիւնը, խուսափեցէք մարդոց մեծ կուտակումներէն։

Դեսպանատունը պիտի շարունակէ հետեւել անվտանգութեան իրավիճակին եւ անհրաժեշտութեան պարագային տրամադրել լրացուցիչ տեղեկատուութիւն»,-ըսուած է դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: