image

«Կ՚աղօթեմ ձեզի համար» Մել Կիպսըն

«Կ՚աղօթեմ ձեզի համար» Մել Կիպսըն

Ամերիկացի աշխարհահռչակ դերասան եւ ռեժիսոր Մել Կիպսըն անդրադարձած է Արցախին մէջ տիրող իրավիճակին: Ան ըսած է, որ կ'աղօթէ ինչպէս հայ ժողովուրդին, այնպէս ալ հարցի խաղաղ լուծման համար:

«Խոր տխրութեամբ իմացայ վերջին շրջանին Արցախի ու Հայաստանի մէջ տիրող իրադարձութիւններուն մասին: Ունիմ շատ հայ ընկերներ, այստեղ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Անոնք բոլորը ինծի պատմած են ձեր ծանր դրութեան եւ հարազատները կորսնցնելու մասին: Միշտ յարգած եմ հայ ժողովուրդը: Անոնք դիմացկուն են ու մեծահոգի: Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ անոնք դիմագրաւած են մեծ դժուարութիւններ եւ կարողացած են յաղթահարել զանոնք: Որպէս ազգ, ես գիտեմ, որ դուք գիտէք՝ ով է Աստուած եւ որ անոր կարողութիւնները անսահման են: Կ'աղօթեմ ձեզի համար այս դժուար պահուն: Կ'աղօթեմ, որ Աստուած օգնէ ձեզի, կ'աղօթեմ այս հարցի խաղաղ կարգաւորման համար, եւ որ աշխարհի գերտերութիւնները միջամտեն եւ տեղեկանան ձեր իրավիճակի մասին եւ օգնեն ձեզի հասնելու խաղաղութեան: Ամուր մնացէք, ընկերներ: Աստուած օրհնէ ձեզ»,- ըսած է Կիպսըն: