image

Ֆրանսա. Հայերու ցոյցի ժամանակ թուրքեր յարձակած եւ մուրճով հարուածած հայ երիտասարդի գլխուն (Տեսանիւթ)

Ֆրանսա. Հայերու ցոյցի  ժամանակ թուրքեր յարձակած  եւ մուրճով հարուածած հայ երիտասարդի գլխուն (Տեսանիւթ)

Ֆրանսայի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու՝ յանուն Արցախի անկախութեան ցոյցի ժամանակ միջադէպ գրանցուած է:

Երբ հայ համայնքի ներկայացուցիչները երկկողմանի փակած էին մայրուղիներէն մէկը եւ Արցախը ճանչնալու կոչեր կ'ընէին՝ վանկարկելով «Արցախը մերն է», «Ալիե՛ւ, Էրտողա՛ն, թերորի՛սթ», քանի մը թուրք, որոնք խցանման մէջ մնացած մեքենաներուն մէջ եղած են, յարձակած են հայերուն վրայ, մուրճով հարուածած ցուցարարներէն մէկուն գլխուն: Ըստ հայերու՝ անոնց ձեռքը եղած են նաեւ դանակներ ու մահակներ:

Այս պահուն դէպքի վայր ժամանած են ոստիկանները: Հարուածողներէն մէկը հայ ցուցարարներու ջանքերով բռնուած է: Ճանապարհը կը շարունակէ փակ մնալ: Դէպքի վայր կը ժամանէ ուղղաթիռը տուժածներուն հիւանդանոց տեղափոխելու համար: