image

Հալէպահայ Յարութիւն Բանոյեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական խաչ» Առաջին աստիճանի շքանշանով

Հալէպահայ Յարութիւն Բանոյեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական խաչ» Առաջին աստիճանի շքանշանով

Վարչապետի օգնական Նայիրի Սարգսեանը Շուշիի մէջ զոհուած հալէպահայ Յարութիւն Եղիայի Բանոյեանի մասին յայտնած է․

«Յարութը իմ ճանչցած ամենահայրենասէր մարդն էր, չափազանց համարձակ, համեստ եւ ռազմական գործի հմուտ մասնագէտ: Երկար տարիներ Սուրիոյ մէջ ղեկավարած է հայաբնակ Հալէպի ինքնապաշտպանութիւնը:

2016 թուականի ապրիլեան պատերազմէն ետք Յարութը եկաւ Արցախ։ Ան կը շրջէր խրամատներուն մէջ եւ արժէքաւոր խորհուրդներ կու տար, օրինակ՝ ինչպէս կահաւորել կրակակէտը, որ դիպուկահարի թիրախ չդառնան:

Հայաստանի մէջ հրթիռ կը նախագծէր եւ կ'արտադրէր, որու փորձարկման վարչապետի հետ ներկայ եղած ենք անցեալ տարի: Պատերազմ մեկնող տղաներու հետ արագ վարժանքներ կը կատարէր զօրամասերէն մէկուն մէջ։ Կը պատմեն, որ զօրամասի շտապի պետը հեռուէն հետեւած է գետնի վրայ վարժութիւններ ընող տղաներուն եւ այնպէս ոգեւորուած է Յարութի եռանդով, որ մօտեցած է անոր եւ հարցուցած՝ կարելի՞ է ես ալ ձեզի հետ մարզուիմ, եւ միացած է վարժանքներուն:

Յարութը զինուորական կոչում չունէր, բայց բոլորը իրեն կը յարգէին եւ պատիւ կ'առնէին:

«Տրոն» վարելու դասընթացներ կ'իրականացնէր, կը սորվեցնէր ինչպէս անտառին մէջ յայտնաբերել թշնամիի ջոկատներ, շրջափակել եւ ոչնչացնել: Ան մատը կը դնէր գլխուն եւ իր՝ սուրիացիի հաճելի աքսենթով կ'ըսէ. «Պէտք է մեր միտքը օգտագործենք, միայն զէնքով չենք կրնար յաղթել»:

Արցախ մեկնելու ժամանակ ըսաւ, միայն թէ անօդաչուի հարուածէն չզոհուիմ, հասցնեմ խնդիր լուծել: Իրեն նուիրուած միւս սուրիահայ տղաներուն հետ կը մեկնէր յատուկ առաջադրանքներ կատարելու, շատ լուրջ յաջողութիւններ կ'ունենար, կ'ոչնչացնէր հակառակորդի մեծաթիւ խումբեր, ապա հերոսի մահով զոհուեցաւ Շուշիի մէջ:

Յարութիւն Եղիայի Բանոյեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշանով: Երէկ ան իր ընկերներուն հետ թաղուեցաւ Եռաբլուրի մէջ»: