image

Սփիւռքի 20-է աւելի կառոյցներ կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը

Սփիւռքի 20-է աւելի կառոյցներ կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը

9 Նոյեմբերի Արցախեան հրադադարի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք բողոքի ալիք բարձրացած է նաեւ Հայկական Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ։ Շուրջ երկու տասնեակէ աւելի կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ, մասնաւորապէս, տարբեր երկիրներու մէջ գործող  Հ․Յ․Դաշնակցութեան մարմինները, օժանդակ եւ գործընկեր կառոյցները հանդէս եկած են յայտարարութիւններով եւ ուղերձներով, որոնց մէջ խստիւ կը դատապարտեն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւնը։ Նշուած կազմակերպութիւնները ստեղծուած իրավիճակի, ստորագրուած փաստաթուղթով նախատեսուած հակազգային եւ հակապետական դրոյթներու, ներազգային անհամերաշխութեան եւ ընդդիմութեան նկատմամբ կիրառուող բռնարարքներու պատասխանատու կը համարեն ՀՀ վարչապետն ու անոր խումբը։ Որպէս ելք՝ նշուած կառոյցներն իրենց համերաշխութիւնը կը յայտնեբ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնին եւ գործընկեր 16 կուսակցութիւններուն՝ իրենց բողոքի գործողութիւններու եւ առաջադրած ճանապարհային քարտէզի իրագործման հարցերով 

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր խումբի հրաժարականի պահանջով, մասնաւորապէս, հանդէս եկած են Սփիւռքի հետեւեալ կազմակերպութիւններն ու կառոյցները՝

1.      Քուէյթի Ազգային կառոյցներ

2.      ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

3.      Լիբանանի Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւն

4.      ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

5.      ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն

6.      Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

7.      ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ

8.      ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի Շրջան, Աւստրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբ, ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մասնաճիւղ

9.      ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւն (Գանատա), Մոնթրէալի համալսարանի հայ ուսանողական միութիւն, Կոնկորթիա համալսարանի հայ ուսանողական միութիւն

10.  ՀՅԴ Հիւսիսային եւ Հարաւային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէներ

11.  ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ

12.  Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբ

13.  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ

14.  ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէ

15.  ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ

 

ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ