image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է Չարենցի թոռնուհին՝ բանաստեղծուհի Յասմիկ Չարենցը

Մահացած է Չարենցի թոռնուհին՝ բանաստեղծուհի Յասմիկ Չարենցը

Հոլանտայի մէջ մահացած է Անահիտ Չարենցի դուստրը՝ բանաստեղծուհի Յասմիկ (Աստրիդ) Չարենցը: Այդ մասին կը տեղեկանանք անոր քրոջմէն՝ Եղիշէ Չարենցի տուն թանգարանի աշխատակցուհի Գոհար Չարենցէն: Ան ,մասնաւորապէս յայտնած է. «Խաղաղութեամբ իր մահկանացուն կնքեց քոյրս՝ Յասմիկ Չարենցը, մօր՝ Անահիտ Չարենցի եւ դստերս Նանէի ներկայութեամբ. Լոյս իջնի հոգիին»: 

Յասմիկ Չարենցը բանաստեղծութիւններու գիրքի, բազմաթիւ երգերու, յօդուածներու եւ միւզիքլներու հեղինակ Է: