image

Նախագահ Փութին քննարկած է Ղարաբաղ տեղակայուած խաղաղապահներու հարցը

Նախագահ Փութին քննարկած է Ղարաբաղ տեղակայուած խաղաղապահներու հարցը

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամներու հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի, ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան եւ ԼՂ-ի մէջ մարդասիրական առաքելութեան խնդիրները: Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը` յղում տալով ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովին:

«Զրոյց տեղի ունեցած է ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական առաքելութեան աշխատանքի մասին»,- ըսած է Փեսքովը:

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ ՌԴ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը, ՌԴ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւը եւ ՌԴ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն: